2011-02-08 15:09:34

Ռատիովատիկանի Տնօրէն` Յիսուսեան Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը։


Նայուածք մը' կեդրոնացած Հիւսիսային Ափրիկէի վրայ։
Աշխարհի նայուածքը այս օրերուն կեդրոնացած է Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի վրայ։
Սկիզբը Թունիզին ապա Եգիպտոսը , հուսկ ուրիշ երկիրներ ուր քաղաքականութեան փոփոխութեան պահանջք մը կը դրսեւորուի տեղացի քաղաքացիներու կողմէ։ Պահանջատիրութիւն մը որուն հետեւանքները տակաւին դժուար է հասկնալ եւ քննարկել եւ սակայն կարելի է խօսիլ անոնց մասին իբրեւ իսկական <<յեղափոխութիւն>>։
Ամէնքս կը յուսանք որ այս անորոշ վիճակը, երկար չտեւէ եւ այդ վայրերու մէջ ապրող ժողովուրդը չ՛ենթարկուի հարստահարումներուն արիւնահեղ բախումներու։
Բնական է որ տնտեսական դժուարութիւնները` այդ շրջանի մէջ տարածուած աղքատութեան վիճակը` եւ ընդհանրապէս համաշխարհային տնտեսական տագնապը պատճառ դարձան բնակչութեան ըմբոստացումին. բայց ինչպէս դիտել տուին Հիւսիսային Ափրիկէի եպիսկոպոսները, պէտք է ընդունինք որ կան նաեւ ակնկալութիւններ աւելի <<ազատութիւն եւ արժանապատուութիւն ունենալու>> յատկապէս շրջանի նոր սերունդի կողմէ, որ կարիքը կը զգայ ինքզինք ճանչցնելու իբրեւ պատասխանատու քաղաքացի։
Շրջանի մէջ ապրող ժողովուրդները բաղկացած են երիտասարդներով որոնց մեծ տոկոսը ապագայի յստակ հեռանկար մը չի տեսներ։Այս ուղղութեամբ մեր միտքը կու գայ 2010ի հոկտեմբերի մէջ գումարուած միջին արեւելքի եպիսկոպոսական սիւնոդոսի կողմէ ներկայացուած փափաքը որպէսզի տեղւոյն Քրիստոնեաները արժանանան քաղաքացիական արդար իրաւունքներուն։
Ահա այսօր ամբողջ հասարակութիւն մըն է որ կը ձգտի արժանապատիւ կեանքի եւ կը պահանջէ իրաւունքը ապրելու աւելի պատասխանատու կերպով քաղաքացիութիւնը որ արդար իրաւունքն է ոեւէ կրօնքի պատկանող ամէն անհատի։
Քրիստոնեաները թէեւ փոքրամասնութիւն մըն են, բայց զօրակից ու աջակից են այս ձգտումներուն տիրանալու յոյսին։
Եթէ այս մեծամասնութեամբ իսլամական երկիները կարենան ընթանալ երկխօսութեան, մասնակցութեան եւ ազատութեան ճամբով` յարգելով ամենուն իրաւունքները` աշխարհի խաղաղութիւնը աւելի ապահով ՜՜իրադրութիւն՝՝ կը դառնայ։ Այս է մեր փափաքը, նախ իրենց բարիքին համար, ապա ի նպաստ համայն ժողովուրդներու ընտանիքի բարիքին ։








All the contents on this site are copyrighted ©.